2016-07-22 09:23:00

Գերապ. Օտեր ՝՝Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետ` Ողորմութեան առաքեալը՝՝


 (Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ Քրաքովիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին  պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց երիտասարդներուն եւ Լեհ ժողովուրդին,  որուն մէջ անդրադարձաւ յատկապէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին` երիտասարդաց Համաշխարհային հաւաքին արուեստագէտը, եւ Լեհ ժողովուրդին դէպի ազատութիւն տանող առաջնորդը։ 

Այս մասին Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած  հարցազրոյցի մը ընթացքին  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին սրբադասման դատի քննիչ Գերպայծառ Սլամովիր Օտերին յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապի Լեհաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը ունի  երկու տեսակէտեր. առաջին  Ֆրանչիսկոս Պապ  Լեհաստանի այցելութեամբ կը մեծարէ եւ կը յիշատակէ երիտասարդաց համաշխարհային օրուան արուեստագէտը։Մինչեւ այսօր, բազմաթիւ տարիներէ ետք  երիտասարդաց հաւաքը եկեղեցւոյ համար համարուած է ամենամեծ հարստութիւններէն մին,  յատկապէս ժամանակակից աշխարհին մէջ  ուր  կը տիրէ ահաբեկչութիւն,  ատելութիւն ու  բաժանումներ, եւ ուր երիտասարդաց համաշխարհային  օրուայ միջոցառումը կը շարունակէ համախմբել տարբեր լեզուներէ  եւ ազգերէ կազմուած մարդիկ։

Երկրորդ տեսակէտին մէջ գերապայծառ Օտեր ընդգծած է ՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի  եւ  Ողորմութեան պատգամին միջեւ գոյացած կապը` երջանկայիշատակ Սուրբը համարելով որպէս ''Ողորմութեան մեծ առաքեալը''։ Հետեւաբար Ըսած է Գերապայծառ Օտէր`  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, կարելի  չէր  ուխտագնացութիւն չի կազմակերպել դէպի այն  երկիր,  որուն մէջ կը գտնուին երկու Ողորմութեան առաքեալներու արմատնեըը՝ Սրբուհի Ֆաուսթինա եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի արմատները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.